2009-04-02 15:32:30

 Վատիկանեան տեղեկութիւններ`

Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնախումբը Քահանայապետին մօտ։


Չորեքշաբթի մէկ Ապրիլ 2009, յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնախումբը, որ իր տարեկան ժողովը գումարած էր Վատիկան, մասնակցութեամբ՝ Պետական Քարուղարութեան անդմաներուն եւ Չինաստանի բարձրաստիճան եկեղեցականներուն։ Յայտնենք թէ այս օրերուն Փեքինի կառավարութիւնը բանտարկել տուած է Չինաստանի՝ Հեպէյի թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Ժիւլ Շիկօն։



Վատիկանի Պետական քարտուղարը պաշտպանը կը հանդիսանայ բանուորներուն։

Ի տես աշխարհի տնտեսական տագնապին, որուն առաջին զոհերն են բանուորական աշխարհը, Կարտինալ Պերթոնէ քաջալերական պատգամ մը ուղղեց բանուորական աշխարհին հրաւիրելով՝ աշխարհի մեծ պետութիւններու աշխատանքի նախարարները, որ դրական եւ ազդու առաջարկներ որդեգրեն, կարող` երաշխաւորելու բանուորական աշխարհին, անհրաժեշտ եկամուտ մը եւ ապահովութիւն մը։ Վատիկանի պետական քարտուղարը նաեւ մաղթեց որ միշտ յարգուին ու հզօրացուին գործաւորներու հիմնական իրաւունքները։



Լոնտոնի 20 մեծ պետութիւններու ժողովին նախօրեակին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խնդրեց որ Ափրիկէն եւ թերաճ երկիրները զոհ չդառնան համաշխարհային տնտեսութեան տագնապին։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը խնդրեց հարուստ երկիրներէն որ հրաժարին ազգայնական եսասիրութենէն ու պաշտպանութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.